Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան Մարտ 14-ին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ ճգնաժամերու հարցերու՝ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի կայունութեան ապահովման վերաբերող հարցեր:
«Անդրադարձ եղաւ Արցախի մէջ բնակչութեան հանդէպ ճնշումներ գործադրելու ազէրպայճանական կողմի փորձերուն, ինչպէս նաեւ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառոյցներու վերականգնման ուղղութեամբ արհեստական խնդիրներ ստեղծելու փաստերուն»,– նշուած է Ազգային ժողովի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ռուբինեան եւ Քլաար նաեւ կարծիքներ փոխանակած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:
Քլաար «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ ունեցած զրոյցին ալ ըսած է.- “Տեղւոյն վրայի վերջին զարգացումները իսկապէս շատ մտահոգիչ են։ Վերջին օրերուն ես քանի մը զրոյցներ ունեցայ թէ՛ Երեւանի, թէ՛ ալ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ, այս խնդիրներուն վերաբերեալ։ Բնակաբանար, այդ խնդիրները կը մտահոգեն Եւրոպական Միութիւնը։ Շատ կարեւոր է, որ [Արցախ մտնող] կազի խողովակը ըստ կարելւոյն շուտ վերանորոգուի եւ կրակոցները դադրին։ Ես այժմ Երեւանի մէջ բարձր մակարդակի խորհդակցութիւններ կ՚ունենամ։ Այս խնդիրները բնականաբար, մաս կը կազմեն իմ հանդիպումներու օրակարգին”։