Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Լուսինէ Ավանէսեան վերահաստատած է, թէ Արցախէն Ուքրաինա ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու կամ այլ նպատակով մարտիկներ փոխադրելու մասին տեղեկութիւնը մտացածին է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան։
«Արմէնփրէս»-ի հարցումին պատասխանելով Ավանէսեան նշած է.-
«Նման կեղծ լուրերի շրջանառումը, անշուշտ, իրավիճակի լիցքաթափման չի օգնելու։ Եւս մէկ անգամ յստակեցնեմ, որ մեր կարողութիւնների չափով Արցախում տեղակայուած Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով Արցախի Հանրապետութիւնից մի՛այն սահմանափակ քանակով մարդասիրական օգնութիւն ղրկուած է Ուքրաինա»։
Նշենք, թէ նախապէս, Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, յայտնելով թէ՝ Արցախէն Ուքրաինա զինուորականներու ժամանումին մասին Ուքրաինայի Սպայակոյտի պետին յայտարարութիւնը բացարձակ ապատեղեկատւութիւն է։