Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմեց Մինսքի խումբի համանախագահութեան՝ Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման բանակցութիւններ կազմակերպելու համար։ Այս դիմումը անմիջական արձագանգ գտաւ Փարիզէն ու Ուաշինկթընէն, հակառակ Մոսկուայի վարած պատերազմին՝ ուքրաինական ճակատին վրայ եւ Ռուսաստան-Արեւմուտք ծայր աստիճան լարուած յարաբերութիւններուն, որոնք կը խանգարեն Մինսքի խումբի եռակողմ նախագահութեան համերաշխ գործունէութիւնը։
Հայկական կողմին դիմումը վերահաստատուեցաւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ, Մարտ 9-ին, Փարիզ այցելութեան ընթացքին, նախագահ Մաքրոնի հետ հանդիպումին առիթով, նաեւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին։
Դիւանագիտական այս աշխատանքին զուգահեռ ազէրպայճանական կողմը արդէն շաբաթ մըն է որ վերսկսած է Արցախի եւ Հայաստանի սահմանի իր յարձակումները, որոնք ուղղակի առնչուած են ռուսական բանակի Ուքրաինայի մէջ ունեցած ռազմական յարձակումին երկարաձգումին եւ անյաջողութիւններուն հետ։ Ազէրական բանակը պայթեցուց Հայաստանէն Արցախ անցնող կազատարը, այնուհետեւ ալ արգիլելով անոր վերանորոգութիւնը։ Այս պատճառով շաբաթէ մը աւելի է, որ Արցախ զրկուած է կազէ եւ ջեռուցումէ, որուն հետեւանքով աւելի քան 100 000 Արցախցի դատապարտուած է եղանակային ցուրտ պայմաններու քմահաճոյքին։ Հիւանդանոցներ, դպրոցներ, մանկապարտէզներ, տեղահանուածներու առժամեայ կացարաններ զրկուած կը մնան կենցաղային տարրական պայմաններէ։
Միջազգային քաղաքական բարդ իրադարձութիւններու ներկայի պայմաններուն մէջ, լրատու կարգ մը հարթակներու վրայ յիշուեցաւ միջազգային հասարակութեան վերաբերումի ծայր աստիճան անարդար բնոյթը՝ ըստ պարագաներու։ Այսպէս, 2020-ին Արցախի վրայ յարձակումին նկատմամբ քաղաքական շրջանակներու անտարբերութիւնը եւ ներկայիս Ուքրաինայի հանդէպ ցուցաբերուած միջազգային հոգածութիւնը ու նախայարձակ նկատուողին դէմ աննախադէպ պատիժներու գործա-դրութիւնը՝ երկու չափ-երկու կշիռ ասոյթին լաւագոյն արտայայտութիւնը կը պարզեն աչքերու առջեւ։
Այդ երկու չափ-երկու կշիռի երեւոյթը տեսանելի է նոյնիսկ ներկայիս, մինչ Ազէրպայճան կը սանձազերծէ սահմանային յարձակումներ ու կը շարունակէ մնալ անպատիժ։
Թերեւս, միջազգային հասարակութեան կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի համար դրական գլխաւոր հակազդեցութիւնը Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած նոր բանաձեւն է, որ կը դատապարտէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Ազէրպայճանի կառավարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ անոր հայատեաց քաղաքականութիւնը։
Հակառակ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին՝ ազէրական կողմը շարունակեց սահմանային իր սադրանքները։ Իսկ Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական խորհրդաժողովին՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի հանդիպումէն ետք ի յայտ եկաւ Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Հայաստանի յանձնուած, հինգ կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան պայմանագրի մը բովանդակութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն է ազդել Արտաքին գործոց հայկական եւ թրքական նախարարութիւններու միջեւ ցայժմ առանց նախապայմաններու ընթացող բանակցութիւններուն վրայ։ Թրքական կողմը տակաւին չարտայայտուեցաւ Ազէրպայճանի առաջարկած այդ փաստաթուղթին բովանդակած պայմաններուն մասին։ Իսկ Հայաստանի ԱԳ նախարար Միրզոյեան պատասխանեց թէ Երեւան պատրաստ է Պաքուի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսելու, բայց առանց նախապայմանի, յիշեցնելով որ՝ Ազէրպայճանի առաջարկած խաղաղութեան կէտերը չեն արտացոլեր Արցախահայութեան ազատ ապրելու իրաւունքը։ Արցախի խնդիրը հողային հարց չէ, այլ՝ հիմնական իրաւունքներու։
Ժ.Չ. ■