Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը

Մարտ 16-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

ՀՀ Կառավարութեան հաղորդման համաձայն՝ զրուցակիցները քննարկած են Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը և անդրադարձած՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի և Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ամրագրուած համաձայնութիւններու գործադրման ընթացքին: Երկու երկիրներու ղեկավարները անդրադարձած են նաև Հայաստանի կողմէ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ուղղուած դիմումին, որ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններու կազմակերպումին:

Կողմերը միտքերու փոխանակում ունեցած են նաեւ հայ-թրքական երկխօսութեան, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն, Ուքրաինայի մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ:

Քննարկուած են նաև ՀՀ վարչապետի՝ յառաջիկային Ռուսաստան կատարելիք պաշտօնական այցին վերաբերող հարցեր: