Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սկսած են վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները

Մարտ 8-էն ի վեր ՀՀ կառավարութեան ու ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ իրագործուող բանակցութիւններու շնորհիւ՝ ազէրպայճանական կողմը Մարտ 16-ին սկսած է վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները: Լուրը հաղորդած է Արցախի պետութեան տեղեկատուական կեդրոնը։

«Ուստի, պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ կազամատակարարումը կարճ ժամկէտում կը վերականգնուի, եւ Արցախի իշխանութիւնները գործադրում են բոլոր ջանքերը, որ դա տեղի ունենայ ժամ առաջ:

Արցախի կառավարութիւնը հայցում է բոլոր քաղաքացիների ներողամտութիւնը յարուցուած դժուարութիւնների համար եւ հաւաստիացնում, որ Արցախի առջեւ ծառացած բոլոր հիմնախնդիրները կարող ենք յաղթահարել մեր միասնականութեան, վճռականութեան ու համբերութեան միջոցով»,– նշուած է պետական կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: