«Հայաստան պատրաստ է Ազէրպայճանի հետ բանակցութիւններու, առանց նախապայմաններու»
Մարտ 16-ին, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած է Ֆրանսախօսութեան նախարարական համաժողովի 40-րդ արտակարգ նիստին։ Ան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է առկայ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու պահուն՝ Ազէրպայճանի կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ ձեռնարկուած գրգռիչ արարքներուն եւ Արցախի շրջանէն ներս մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծելու միտող գործողութիւններուն։ Միրզոյեան ներկայացուցած է կենսական ենթակառոյցներու վերականգնման հարցով խոչընդոտներ ստեղծելու, քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախաւորելու, ժողովուրդի նկատմամբ հոգեբանական ճնշումներ գործադրելու երեւոյթները։
«ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծեց տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի ապակայունացման փորձերէն զերծ մնալու մասին՝ Ֆրանսախօս պետութիւններու և կառավարութիւններու ղեկավարներու՝ Ազէրպայճանի իշխանութիւններուն յղուած արձագանգի անհրաժեշտութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ Հայաստան յանձնառու է Մինսքի խումբի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ ու մնայուն կարգաւորման, եւ պատրաստ է երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններ վարելու, առանց նախապայմաններու»,– նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Իր ելոյթին նախարար Միրզոյեան նաեւ նշած է, թէ հակառակ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու՝ համաճարակէն մինչև 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը՝ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ բարեփոխումներու շարունակական գործընթացին՝ հիմնուած ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ եղծանման դէմ պայքարի արժէքներուն վրայ։
Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնուհի Օտրէ Ազուլէի հետ
Նոյն օրը ՀՀ ԱԳ նախարարը հանդիպում ունեցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնուհի Օտրէ Ազուլէի հետ։
Հանդիպումին՝ Միրզոյեան ընդգծած է, թէ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հետ համագործակցութեան ընդլայնումը՝ կրթութեան, գիտութեան և հաղորդակցութեան բնագաւառներուն մէջ: Ան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազէրպայճանական նախայարձակման հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան միտումնաւոր ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման արարքներուն։ Այդ համածիրին մէջ ՀՀ նախարարը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհ. տնօրէնուհիին ուշադրութիւնը հրաւիրած է այդ նպատակով Ազէրպայճանի մէջ պետական աշխատանքային խումբի մը ստեղծման երեւոյթին վրայ: Ան շեշտած է, թէ այս գործողութիւնները բացայայտօրէն հակոտնեայ են հայկական պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերեալ 2021 Դեկտեմբեր 7-ին, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին՝ հրատապ միջոցներ կիրարկելու մասին կայացուցած որոշումին։
ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է՝ ստեղծուած կացութեան մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անյապաղ միջամտութեան եւ հակամարտութեան գօտի առանց խոչընդոտի ներգրաւուելու անհրաժեշտութիւնը՝ համամարդկային մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող Արցախի պատմական կոթողները պահպանելու եւ վանդալական դէպքերը կանխելու նպատակով։ Միրզոյեան անդրադարձած է նաեւ «Զինեալ հակամարտութեան պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954-ին ստորագրուած Լա Հէյի համաձայնագրին եւ անոր կից երկու արձանագրութիւններուն հիման վրայ` տիկին Օտրէ Ազուլէի կողմէ առաջարկուած` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ փաստահաւաք առաքելութիւն կատարելու հրատապ անհրաժեշտութեան: