Մարտ 12-ին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի օրհնութեամբ և հանդիսապետութեամբ, «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ բացուած է շնորհաշատ նկարիչ, վերականգնող-վերանորոգող Տիգրան Յակոբեանի գեղանկարչական աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէս-վաճառքը:
Ծնունդով Գիւմրի քաղաքէն, Երեւանի «Խ.Աբովեան» մանկավարժական հիմնարկի եւ Մոսկուայի «Սուրիկով» գեղարուեստական ակադեմիայի շրջանաւարտ գեղանկարչի կտաւներուն երանգապնակը ընդարձակ է. դահլիճի պատերը զարդարած են Աստուածաշնչեան թեմաներով կտաւներ, պատմական հայրենիքի յուշարձաններու, մարդկային բնաւորութեան գիծերու, չարի ու բարիի յաղթանակի, տրամադրութիւն ստեղծող բնանկարներու մասին հեղինակի անձնական մտորումներն ու պատկերացումները, որոնք արուեստագէտին ստեղծագործական լայն մտահորիզոնին վկայութիւնն են:
Ցուցահանդէս-վաճառքին բացումը կատարելով՝ «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Եւգենիա Մարկոսեան ընդգծած է տարբեր երկիրներու մէջ Յակոբեանի գործունէութեան տարիները, այդ կարգին նաև Վատիկանի բազմաթիւ սրբապատկերներու վերանորոգման եւ վերականգնողական աշխատանքները, եւ թէ նկարիչը իր ստեղծագործութիւնները կ՚արարէ մի՛այն բնական ներկերով, ինչ որ կ՚արժեւորէ անոր կտաւներու ինքնատպութիւնը եւ որակը:
Բարձր գնահատելով նկարիչին ակնածանքն ու սէրը Հայոց եկեղեցիները զարդարող սրբապատկերներու նկատմամբ, Սամուէլ քահանայ Թորոսեան դրուատած է անոր անշահախնդիր նուիրումը՝ Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ սրբապատկերներու վերանորոգման գործին։