Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՅԴ-ի ՀԵՄ և ՀՀԿ Երիտասարդական և ուսանողական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցը

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը եւ ՀՀԿ Երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւնները, Մարտ 17-ին բողոքի ցոյց կազմակերպած են ՀՀ Արտաքին գործոց Նախարարութեան շէնքին առջեւ։ Ցոյցի մասնակիցները յայտնած են, որ պէտք է ըլլալ միասնական, հանրային ճնշում բանեցնել իշխանութիւններուն վրայ՝ թոյլ չտալով, որ անոնք ծառայեն թշնամիին, հակառակ պարագային այս ամէնուն հետեւանքը պիտի ըլլայ Հայաստան պետութեան կործանումը։ 

Ցուցարարները պարզած են «Գտի՛ր Թուրքը», «Ո՛չ թրքացումին», «Ո՛չ Արցախի հայաթափման» արձանագրութիւններով պաստառներ։