Մարտ 15-ի իրիկունը Ալֆորվիլի «148» մշակութային ձեռնարկներու կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր բացումը կատարուած է «Լեռնային Ղարաբաղ. քրիստոնէական վտանգուած ժառանգութիւն մը» ցուցահանդէսին։ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան կազմակերպած եւ « Œuvre d’Orient » կազմակերպութեան հովանաւորած այս ցուցահանդէսին նմուշները առաջին անգամ ներկայացուած էին անցեալ ամիս, Փարիզի 5-րդի թաղապետարանին մէջ։
Արարողութեան, ի շարս բազմաթիւ անձնաւորութիւններու՝ ներկայ եղած են նաեւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս,երեսփոխանուհի Իզապէլ Սանթիակօ, Արցախի նախագահի խորհրդականներ Ազատուհի Սիմոնեան եւ Լուսինէ Ղարախանեան։
Նշենք որ մինչեւ Մարտ 18 տեւած ցուցահանդէսը բացուած էր Մարտ 9-ին, բայց կամքէ անկախ պատճառներով հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է Մարտ 15-ին միայն։ ■