Վերջերս լոյս տեսած է իր թատերգութիւններով, կերպարուեստով եւ մենակատարութիւններով հանրածանօթ Վահէ Պէրպէրեանի նորագոյն ստեղծագործութիւնը, որ արուեստագէտին անգլերէնով գրուած առաջին վէպն է։
«Մահացած մարդու մը օրագիր» (Diary of a Dead Man) հատորը պատմութիւնն է Լոս Անճըլըսէն փաստաբանի մը, որ Սուրիոյ պատերազմի օրերուն Հալէպ այցելելու անակնկալ հրաւէր մը կը ստանայ, ինչ որ կը դառնայ ժամանակաւորապէս իր դիմագրաւած հարցերէն հեռանալու լաւ առիթ մը։ Ան իր այս ոդիսականին ընթացքին ձեռք կը ձգէ խորագրին մէջ յիշուած յոյժ հետաքրքրական օրագիրը, որ իր անցեալին մասին անսպասելի բացայայտումներու կ՛առաջնորդէ։
Պէրպէրեան հեղինակած է նաեւ «Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ» եւ «Նամակներ Զաաթարէն» վէպերը, ինչպէս նաեւ շարք մը թատերգութիւններ։
Գիրքէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել՝ https://www.store.vaheberberian.com/ կայքը։