Ուքրաինայի հայկական կառոյցներուն համաձայն՝ ռուս-ուքրաինական պատերազմին սկիզբէն ի վեր զոհուած Հայերու թիւը 11-ի հասած է: Այդ զոհերէն վերջինը Արտիոմ Այվազեանն է, որ Մարտ 18-ին մահացած է Խարքովի մէջ։ Ան կամաւոր էր ու կ՚օգնէր քաղաքի կարիքաւորներուն, սնունդ ու դեղ հասցնելով անոնց:
Միւս 10 զոհերէն 7-ը խաղաղ բնակիչներ են, իսկ 3-ը զինուորական: Առաջին զոհը Խերսոն քաղաքէն էր:
Ուքրաինայի մէջ Հայերու թիւը պատերազմէն առաջ գրեթէ 350 հազար էր: Յայտնի չէ սակայն թէ անոնցմէ քանի՞ն պատերազմին հետեւանքով լքած են երկիրը: Ինչպէս արդէն անդրադարձանք, միայն գիտենք թէ՝ Ուքրաինայի մեծ մասամբ հայ շուրջ 4000 քաղաքացի Հայաստան մուտք գործած է։