Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ՝ Ստեփանակերտի մէջ

Մարտ 20-ին, Ստեփանակերտի «Փօլ Էլիւար» եւ  Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կենդրոններու կողմէ կազմակեպուած է ձեռնարկ մը, նուիրուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան: Ցուցադրուած են հայկական եւ ֆրանսական բնազարդերով ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաև ներկայացուած են երգեր ու պարեր:

Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի տնօրէնուհի Իրինա Թամրազեան նշած է, թէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը մարդասիրական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ ընդհանրապէս Հայութեան եւ մասնաւորապէս Արցախցիներուն։

“Մեր կրթօջախը միշտ էլ ֆրանսիական տարբեր կազմակերպութիւնների ուշադրութեան կենտրոնում է եղել”,– աւելցուցած է ան:

«Փօլ Էլիւար» կեդրոնի ուսանողներէն Ինեսա Բաբայեան յայտնած է, թէ շուրջ երեք տարի հոն ուսանելով կատարելագործած է ֆրանսերէն լեզուն, շնորհիւ լաւագոյն մասնագէտներու, որոնք ֆրանսերէնի միջոցով իրեն հաղորդած են Ֆրանսայի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ արուեստը։

Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան քաջալերելով ստեղծագործական աշխատանքները կեդրոնին նուիրած է կարի մեքենայ մը։