Մարտ 21-ին, ՀՀ ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադառնալով Ազէրպայճանի կողմէ Հայաստանին ներկայացուած հինգ առաջարկներուն՝ յայտարարած է, թէ այդ առաջարկներուն մէջ, ընդհանուր առմամբ անընդունելի բան չկայ։
“Այլ բան է, որ այդ հարցերը ամբողջապէս չեն հասցէագրում ՀՀ–Ադրբեջան համապարփակ խաղաղութեան օրակարգը։ Մեր պատասխաններում սկզբունքային ենք համարում ԼՂ Հայութեան իրաւունքները եւ ԼՂ կարգավիճակի հարցի հասցէագրումը”,– ըսած է Միրզոյեան, աւելցնելով.– “Այս հէնքի վրայ պատրաստ ենք սկսել բանակցութիւնները Ադրբեջանի հետ”։
Նոյն նիստին, Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Ազէրպայճան պահուող հայ գերիներու թիւը 38 է, որոնցմէ երեքը՝ պարզ քաղաքացիներ են։