Անցեալ շաբաթավերջին, Աթէնքի Պացիուլաս հրատարակչութեան գրախանութին մէջ տեղի ունեցած է յոյն պատմաբան Ալեքսանդրոս Բիղատասի «Ազգ ու ազգային փոքրամասնութիւններ․ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը։ Լուրը հաղորդած են Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն։
Շնորհանդէսին մասնակցած ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան իր խօսքին մէջ ողջունած է նշեալ աշխատութիւնը եւ կարեւոր համարած՝ անոր առանձնայատկութիւնները: Ան ընդգծած է երիտասարդ պատմաբանին կողմէ առանձնացուած այն միտքը, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ոչ միայն կարեւորութիւն ունի պատմական յիշողութեան եւ արդարութեան վերականգման համար, այլ նաեւ՝ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան տեսանկիւնէն:
Գիրքին մէջ ամփոփուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան ցաւալի էջերը, Ցեղասպանութեան նախորդած իրադարձութիւնները եւ հանգամանքները, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղուած երեւոյթները։