Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կայացած է Հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ առցանց նիստը

Քննարկուած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, թէ 23-ին կայացած է ՀՀ-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ առցանց նիստը, որու ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան և անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

Հայկական կողմէն նիստին մասնակցած են ՀՀ Արտաքին գործոց, Պաշտպանութեան, Տարածքային կառավարման և ենթակառոյցներու, Արտակարգ իրավիճակներու, Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւններու, Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակի, Պետական եկամուտներու կոմիտէի ներկայացուցիչներ, ամերիկեան կողմէն՝ Արտաքին գործոց, Պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ։

Նիստի աւարտին հայկական և ամերիկեան կողմերու պաշտօնատարները վերահաստատած են փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համագործակցութիւնը պաշտպանութեան և անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ, եւ առ այդ ընդգծուած են առաջնահերթութիւններն ու հետագայ ընելիքները: