Մարտ 24-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա իր շաբաթական ասուլիսին անդրադառնալով Արցախի կացութեան՝ յայտարարած է, թէ Մոսկուա կապի մէջ է կողմերուն հետ եւ կոչ կը յղէ կարելիին չափ արագ լուծում գտնել՝ Արցախի կազի մատակարարման հարցին։
“Համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան, Պաշտպանութեան նախարարութեան, Ուժանիւթի նախարարութեան ու Կազփրոմի մասնակցութեամբ։ Կարելի չէ խորացնել արդէն դժուար մարդասիրական կացութիւնը, բնակիչները պէտք չէ տուժեն”,– նշած է ան։