Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱԿ-ը զսպուածութեան կոչ յղած է Հայաստանին եւ Ազէրպայճանին

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ՝ Լեռնային Ղարաբաղի լարուած կացութեան նկատառումով Հայաստանին եւ Ազէրպայճանին  զսպուածութեան կոչ յղած է:

ԹԱՍՍ գործակալութեան համաձայն՝ այս մասին հաղորդած է ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարի ներկայացուցիչ ֆրանսացի Սթեֆան Տիւժարիք:

“Ընդհանուր քարտուղարը մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի ու անոր շուրջ նոր մարտական գործողութիւններու վերաբերեալ հաղորդագրութիւններով: Ան կոչ ուղղած է կողմերուն զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ եւ յայտարարութենէ, որ կրնայ յանգեցնել իրավիճակի սրման, եւ լուծելու բոլոր հարցերը,– ներառեալ` մարդասիրական բնոյթի,– ուղղակի երկխօսութեան միջոցով՝ գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերու ծիրին մէջ”, – ըսած է Տիւժարիք:

*  *  *

«ՆՅ» – Զսպուածութեան կոչ ՆԱԵՒ Հայաստանի՞ն։ Ինչո՞ւ։ Ինչպէ՞ս թէ։ 

Նախ, ինչո՞ւ Հայաստան, երբ խօսքը Արցախի հողերուն վրայ գործուած յարձակումներու մասին է։ Ապա նաեւ՝ ներխուժող, անօդաչուներով ռումբեր տեղացնող, միշտ նորանոր նկրտումներու ծարաւ անյագ հակառակորդին յարձակման ենթարկուող կողմը՝ միթէ՞ դիմադրելու իր «յանցանք»-ին համար է, որ «կ՚արժանանայ» նոյն նժարին վրայ դրուելու «պատիւ»-ին եւ այն ալ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչին կողմէ։  

Անկասկած, այս ու նման յայտարարութիւններ լաւագոյն քաջալերանքն են Պաքուի համար, որ աւելի քան զզուելի իր արարքներէն Ո՛Չ ՄԷԿՈՒՆ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ դատապարտման պայմաններուն մէջ՝ կը շարունակէ իր ճամբան, ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲԸ միջազգային պատկան կառոյցներու, որոնք ինչ-ինչ հաշիւներէ մեկնած՝  կը նոյնացնեն գազանն ու անոր որսը։