Արցախի մէջ կազի մատակարարումը վերականգնուած է: Լուրը կու տայ «Արմէնփրէս», հիմնուելով արցախեան աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութեանց վրայ։
Նշենք որ՝ Արցախ կազէ,– ցրտաշունչ եղանակով հետեւաբար նաեւ՝ ջեռուցումէ,– զրկուած էր Մարտ 7-էն ի վեր, ազէրպայճանական յաջորդական խափանարարական արարքներու հետեւանքով։