Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. Թուլուզի քաղաքապետարանը ռուս ղեկավարը փոխարինած է ազէրպայճանցիով

Ուքրաինական այս պատերազմը եկաւ նշաձող մը հանդիսանալու թէ՝ աշխարհ ո՛ւր հասած է իր անհեթեթութեան ու մարդկային արժէքներու կորստեան կամ առնուազն՝ խճճման տեսանկիւնէն։

Ահաւասիկ նոր օրինակ մը։

Թուլուզի քաղաքապետարանը, քաղաքի նուագախումբի ղեկավար Թուկան Սոխիեւէն խնդրած է յայտնել իր դիրքորոշումը ուքրաինական պատերազմին նկատմամբ։ Ենթական ըսած է, թէ իրեն համար անկարելի է նախընտրութիւն մը ընել իր ռուս եւ ֆրանսացի երաժիշտներուն միջեւ, քանի որ ան թէ՛ Գափիթոլի ազգային նուագախումբին, թէ՛ ալ Մոսկուայի Պոլշոյ թատրոնի երաժշտական ղեկավարն էր։ Ուստի, Սուխիեւ որոշած է հրաժարական տալ իր երկու պաշտօններէն ալ:

Ռուսին անմիջապէս փոխարինած է ազէրպայճանցի Ֆուատ Իպրահիմով։ Սակայն տարօրինակ կերպով քաղաքապետարանը անոր չէ հարցուցած, թէ ի՞նչ կը մտածէ Ալիեւի յանցագործութիւններուն մասին։ 

Եւ այս ամբողջը՝ ժողովուրդներու միջեւ զօրակցութեան, մարդասիրութեան քօղին տակ…