Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Շոյկու սկսած է անձամբ զբաղիլ Ազէրպայճանը սանձելու գործով 

Ռուսաստան ազդարարական ցուցադրութիւն ըրած է իր կործանիչներով

Հայաստանեան Mediahub.am առցանց թերթը ապաւինելով իր աղբիւրներուն, Մարտ 29-ին կը գրէր, թէ Ռուսաստան որոշած է լրջօրէն զբաղիլ Արցախի մէջ ազէրպայճանական գրգռութիւններու կանխումով ու ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան տակ գտնուող տարածքներէն ազէրպայճանական զօրքերու հեռացումով:

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Մարտ 29-ին սկսած է անձամբ վճռականօրէն զբաղիլ Ազէրպայճանը սանձելու գործով: Արդարեւ, Շոյկուի վճռականութեամբ կը մեկնաբանուին թէ՛ Արցախի մէջ խաղաղապահներու կտրուկ խստացումը, թէ՛ ալ Արցախի ու Հայաստանի մէջ ռուսական սպառազինութեան շարժերը:

Թերթը կը գրէ, թէ յատկանշական է նոյն օրը՝ Մարտ 29-ին տեղի ունեցած Հայաստան-Ազէրպայճան սահմանի երկայնքին՝ ռուսական ռազմական սաւառնակներու ցուցադրական թռիչքը, «որով Ադրբեջանը ստացաւ խիստ սաստող նախազգուշացում՝ խուսափելու համար լարուածութեան օջախների ստեղծումից»:

Վերջին օրերուն Ռուսաստանի ու Ազէրպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող բուռն բանավէճը ցոյց կու տայ, որ ռուսական կողմին համաձայն՝ Ազէրպայճան անցած է կարմիր գիծերը ու կը սպառնայ ռուսական շահերուն: Կ՚ըսուի որ՝ յատկապէս Ազէրպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան արհամարհական պատասխաններէն ու այդ երկրին՝ Փառուխի հատուածին մէջ իր ներխուժած տարածքներէն ետ չքաշուելու երեւոյթներէն զայրացած՝ Փութին իր Պաշտպանութեան նախարարին խիստ յանձնարարականներ ըրած է Ազէրպայճանի գրգռութիւնները արագօրէն կանխելու ու ազէրպայճանական զօրքերը նախկին դիրքեր վերադարձնելու ուղղութեամբ: Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ իրենց հայ գործընկերներուն  հաւաստած են, որ Արցախի մէջ պատերազմը բացառուած է, եւ Ռուսաստան ունի բաւարար գործիքակազմեր ու վճռականութիւն՝ կանխելու համար ազէրպայճանական յարձակումները: