Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Անդրանիկ Փիլոյեան Մարտ 30-ին ձերբակալուած է։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ սոյն տեղեկութիւնը հաստատած են Եղծանման դէմ պայքարի յանձնախումբէն։
Տակաւին յայտնի չէ, թէ ան ի՞նչ քրէական գործի շրջանակին մէջ ձերբակալուած է։ Յանձնախումբը նշած են թէ յառաջիկային այս առթիւ կը հրապարակեն մամլոյ հաղորդագրութիւն մը։
Նշենք, թէ Անդրանիկ Փիլոյեան Արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակուած էր 2020 Նոյեմբերին։ Պատերազմի օրերուն վարչապետ Փաշինեան յայտնած էր, թէ Փիլոյեան կ՚արժանանայ «Ազգային հերոս»-ի կոչումին։ Այս յայտարարութենէն երկու օր ետք նախարարը նախագահական հրամանագրով արժանացած էր այդ կոչումին: