Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ – Սելանիկ. Հայաստան կը մասնակցի «Artozyma» միջազգային ցուցահանդէսին

Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի հացագործութեան և հրուշակեղէնի   «Artozyma» միջազգային ցուցահանդէսին: Լուրը հաղորդած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։

Յունաստանի Սելանիկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող եռօրեայ (Ապրիլ 2-4) ցուցահանդէսին կողքին, նոյն վայրին մէջ Detrop Boutique Show-ն ալ կը հիւրընկալէ սնունդի եւ ըմպելիներու զանազան ընկերութիւններ։

Հոն կը ներկայացուի հայկական ապրանքների լայն տեսականի, ինչպէս՝ «Արարատ» քոնեակը, հայկական «Կարաս», «Արամէ», «Ամարաս», «Օշին» գինիները, «Կիլիկիա» գարեջուրը, «Ջերմուկ» և «Բջնի» հանքային ջուրերը, աշխարհահռչակ «Զուլալ»-ը եւ այլն։

Հայաստանի մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին կազմակերպուած է Յունա-հայկական առևտրա-արդիւնաբերական պալատին կողմէ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան։