Շաբաթ, Ապրիլ 2-ին եւ Կիրակի, Ապրիլ 3-ին Փարիզի պատմական Մոնմարթրը թաղամասի Սուրբ Յովհաննէս (St Jean de Montmartre) եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան անտալուզական ֆլամենքօ պարի եւ անոր ընկերացող երաժշտութեան իսկապէս փշաքաղող զոյգ ներկայացումներ, որ կը կրէին «Liturgia» տիտղոսը։
Ֆլամենքոյի վարպետ Խոսէ Մայայի ղեկավարութեամբ ու պարերերու կատարումով այս բացառիկ ներկայացումը առանց չափազանցելու՝ իսկական բուժում մը եղաւ,– աւա՜ղ սահմանափակ պահու մը համար միայն,– որ «խենթեցած» աշխարհի մը իրողութիւններէն մեզ խլեց ու տարաւ յոյզերու, հոգեկան խոր ապրումներու ուրի՛շ աշխարհ մը, որ մինչդեռ այնքան ալ երեւակայական չէր, այլեւ հոս էր՝ մեր աչքերուն առջեւ։
Արհեստական եւ արհեստագիտական բոլոր միջոցներէ «զտուած» այս ներկայացումին գործածուեցան ոչ ձայնային սարքեր, ոչ իսկ ելեկտրականութիւն. միայն ու միայն մոմերու խորհրդաւոր նշոյլներն էին, որ կը լուսաւորէին «բեմ»-ը։
Թող պղծութիւն չսեպուի, եթէ ըսենք, որ այս ներկայացումը հոգեւոր արարողութիւն մըն է,– ինչպէս արդէն տիտղոսէն ալ կարելի է կռահել – «Liturgia»,– մի՛այն հոգեւորականութիւն բուրող երաժշտութեամբ ու միտքը, հոգին՝ մարմնով արտայայտող պարով, զոր այնքան բնականօրէն մեզի հրամցուց Խոսէ Մայա։ Եւ, ի զուր չէր, որ «Տէր ողորմեա՛»-ն ներառուած էր երգացանկին մէջ, եւ որ ապրեցուց եզակիին մէջ եզակի պահեր։ Արդարեւ, նոյնինքն Խոսէ Մայայէն, Ռաֆայէլ Խիմենեզէն (ֆալօ), Սանտրա Գարասքոյէն եւ Տիեկօ Ամատոր ճիւնիըրէն բաղկացած երգչախումբը, թաւջութակի ընկերակցութեամբ Խ.-Լ. Լոփէզի, կարծէք հոգեւոր ծէս մըն էր, որ կը կատարէր։
Շնորհակալութի՛ւն բոլոր դերակատարներուն, շնորհակալութի՛ւն նաեւ Լօռի Լա Արմենիային (Լօռի Պաղտասարեան), որ տարիներէ ի վեր Հայութեան դեսպանուհին է ֆլամենքոյի աշխարհին մէջ, կամուրջ մը՝ երկու մշակոյթներուն միջեւ, ե՛ւ յատուկ շնորհակալութիւն Տանիէլ Թորէսին, որ կազմակերպած է զոյգ ներկայացումները։
Թ.Շ. ■