ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւսէլ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, Ապրիլ 6-ին, նախքան եռակողմ հանդիպումը, գլուխ-գլխի հանդիպում մը ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ: Լուրին կը տեղեկանանք վարչապետի Դիմագիրքի էջէն։
Իսկ ըստ վարչապետի աշխատակազմի գրասենեակին՝ Հանդիպումին, հհ վարչապետը ներկայացուցած է ազէրպայճանական զինեալ ուժերու վերջին գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, մարդասիրական խնդիրները, եւ ընդգծած՝ միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուած են նաեւ Հայաստան-ԵՄ երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր, յատկապէս, ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի համար յայտարարուած 2,6 միլիառ եւրոյի տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի իրագործման ընթացքը: