Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազգիս ձայնը

Կան մարդիկ, որոնք արդարութիւնը պաշտպանելու համար ծնած են, պաշտպանելու՝ կեղեքուողին իրաւունքը, աւելի քան նոյնինքն կեղեքուողը։ Ծնած են դառնալու համար անարդարութիւնը աղաղակող՝ հետզհետէ փտող աշխարհիս տանիքին վրայ, քանզի արդարութենէ զրկուածին դատը համարած են իրենց սեփական դատը։

Անվարան, մեզ՝ Հայերուս համար, այս խիստ հազուագիւտ մարդկային սեռին ամէնէն ներկայացուցչական անուններէն մէկն է «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, որ Արցախեան վերջին պատերազմին առիթով՝ տարածաշրջանի իրականութեան աւելի մօտէն ծանօթացած օրէն ի վեր, երբեք չէ լռած, միշտ օրակարգի բերելով պետական ահաբեկչութեան դրսեւորումներու, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման  յաջորդական պարագաներ, որոնք ի տարբերութիւն այսօրուան ուքրաինական անցքերուն, ընդհանուր առմամբ դատապարտուեցան համատարած անտարբերութեան եւ խեղդուեցան խոր լռութեան մէջ, ի բաց առեալ՝ Պիւիսոնի,– եւ զանազան առիթներով քանի մը ուրիշներու,– բարձրացուցած ձայնը։   

Բնաւ չափազանցութիւն պիտի չըլլար ըսել, որ ֆրանսախօս աշխարհին մէջ ան դարձած է ազգիս ձայնը, ներկայի հայկական իրականութեան խղճի ձայնը։

Պարբերաբար առիթը կ՚ունենանք անդրադառնալու անոր ըմբոստ արձագանգներուն։ 

Ստորեւ, առջի օր Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան – Միշէլ – Ալիեւ եռակողմ հանդիպումէն ետք, «Թուիթըր»-ի հաշիւին վրայ անոր կատարած գրառումը.- 

«Քիչ մը անպարկեշտ է, որ Ռուսեր, Ազէրիներ եւ որոշ Հայեր բարձրաձայն կ՚ողջունեն Հայաստանի ու Ազէրպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջընթացը, մինչ ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուեցաւ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի ու Արցախի գրաւեալ գիւղերէն Ազէրիներու նահանջին եւ ոչ ալ ռազմագերիներուն մասին»։  

Դո՛ւք դատեցէք։