Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – Գուրպըվուա. Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւն

Ապրիլ 9-ինփարիզեան արուարձան Գուրպըվուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւնզոր կազմակերպած է քաղաքային խորհուրդըՖրանսայի համար մարտնչած զինուորներու ընկերակցութեան համագործակցութեամբ եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մասնակցութեամբ։

Քաղաքի յիշատակի կոթողին առջեւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգած և ծաղկեպսակներ զետեղած են Գուրպըվուայի քաղաքապետուհի Պենետիքթ Ժորժ, Հօ-տը-Սէնի ծերակուտական Հերվէ Մարսէյլ, երեսփոխանուհի Քրիսթին Հենիոն, Հօ-տը-Սէնի փոխնախագահուհի Մարի-Փիէռ Լիմոժ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Սուսաննա Ադամեան, Փարիզ 8-րդի թաղապետուհի Ժանն տ՚Հոթսեր, Իլ-տը-Ֆրանսի եւ Գուրպըվուայի շրջանային խորհուրդի անդամներ: 

Զինուորական կարգով կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ տեղւոյն բնակիչները: