Ապրիլ 11-ին, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ազէրպայճանի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ։ Կողմերը մտքերու փոխանակում ունեցած են սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի ձեւաւորման, խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստական եւ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ։
Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթ Պրիւսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի ղեկավարները համաձայնած էին մինչեւ Ապրիլի վերջը երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման հարցերու երկկողմ յանձնաժողով մը ստեղծել, որ օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի երկայնքին անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու լիազօրութեամբ: Փաշինեան եւ Ալիեւ իրենց ԱԳ նախարարներուն յանձնարարած էին սկսիլ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները։