Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ընդդիմութիւնը լքած է Ազգային ժողովը 

Երեսփոխանները կը մեկնին Արցախ

Ապրիլ 12-ին կայացած Ազգային ժողովի նիստին, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան յայտարարած է, թէ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պիտի չմասնակցի քառօրեայ նիստերուն ու կը մեկնի Հայաստանի սահմանամերձ մարզեր և Արցախի Հանրապետութիւն։ 

“Մեզ համար սակարկելի չեն ՀՀ անկախութեան հռչակագրում նշուած դրոյթները՝ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, անընդունելի ենք համարում Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որի դէպքում Արցախը կարող է յայտնուել Ադրբեջանի կազմում”,– յայտնած է Օհանեան:

Օհանեանի համաձայն՝ ՀՀ ներկայի իշխանութիւնը անկարող է լուծելու ներքին ու արտաքին բազմաթիւ խնդիրներ. վերջին զարգացումները, ըստ անոր, կը հաստատեն այն մտահոգութիւնները, որ ամէն ինչ կ՚ընթանայ ազէրպայճանա-թրքական օրակարգով: “Ելնելով ստեղծուած իրավիճակից՝ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը յայտարարում է, որ չի մասնակցելու այս շաբաթուայ նիստերին ու քուէարկութիւններին։ Մենք մեկնում ենք Արցախ ու ՀՀ սահմանամերձ մարզեր”,– նշած է  Օհանեան:

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Հայկ Մամիջանեան ալ յայտարարած է, որ իրենք նոյնպէս պիտի չմասնակցին նիստերուն եւ պիտի մեկնին Արցախ:

Սէյրան Օհանեան եւ ընդդիմադիր միւս երեսփոխանները Արցախի դրօշակներ զետեղած են երեսփոխաններու սեղաններուն:

Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան երեսփոխան Վահագն Ալեքսեան հեռացուցած է ընդդիմութեան կողմէ ԱԺ-ի ամպիոնին տեղադրուած Արցախի դրօշը։

«ՔՊ» խմբակցութեան երեսփոխան Վաղարշակ Յակոբեան յայտարարած է, թէ ընդդիմութիւնը, Արցախ մեկնելով, վտանգի կ՚ենթարկէ Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիները։

ԱԺ ամպիոնէն ելոյթ ունենալով «ՔՊ» խմբակցութեան երեսփոխան Ռուստամ Բաքոյեան ալ ի միջի այլոց նշած է.–

“Տարիներ շարունակ Թուրքիայի դրօշը այրելով եւ դրանով սերունդներ դաստիարակելով որեւէ լաւ բանի չեն տարել։ Եթէ Թուրքիայի դրօշը այրելով ՀՀ-ի համար որեւէ կոնկրէտ քայլ են արել եւ նպաստել են որեւէ դրական ընթացքի, ապա ճիշդ են արել, բայց դրա մէջ մենք որեւէ լաւ բան չենք տեսել”։