ՀՀ Ազգային ժողովի ընդդիմութեան երեսփոխանները, որոնք յայտարարած էին թէ պիտի չմասնակցին նիստերուն ու պիտի մեկնին Արցախ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ծառայողներուն կողմէ ետ դարձուած են Արցախի ճամբէն։ Այս մասին հաղորդած է նաեւ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան։
Ըստ «Արմէնփրէս»-ի՝ այս կապակցութեամբ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հակազդելով ռուս խաղաղապահներու այս վերաբերումին՝ Ապրիլ 12-ին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր նշուած է.-
«Նշուած գործողութիւնը հակասում է 2020 Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, որով նախատեսւում է Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղի անխափան կապը Հայաստանի հետ։ Բոլոր կողմերը պէտք է խստօրէն հետեւեն Յայտարարութեան տառին ու ոգուն, ինչպէս նաեւ իրականացնեն ստանձնած պարտաւորութիւնները»։ ■