Հայաստանէն Արցախ գացողները առաջին դիմաւորողը կ՚ըլլայ Աղաւնոյ գիւղը` Արիաւանը:
Աղաւնոն Արցախի այն գիւղերէն է, որուն բնակիչները պատերազմի օրերուն հերոսաբար դիմադրեցին ու պաշտպանեցին իրենց հողը եւ որուն կառչած կը մնան առ այսօր, հակառակ անոր որ շրջապատուած են թշնամիին ուժերով:
Ապրիլ 10-ին, երբ Հայ առաքելական եկեղեցին նշեց Ծաղկազարդի տօնը, Աղաւնոն կրկին մարդաշատ էր: Ամէն տեղէ հիւրեր եկած էին Ծաղկազարդը Աղաւնոյի մէջ նշելու: Այս առիթով գեղեցիկ եւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը կազմակերպած էին «Մշակութամէտ» անհատական նախաձեռնութեան կամաւորները:
Աղաւնոյի դպրոցի բակին մէջ բնակիչները ազգային զանազան եւ համեղ ուտեստներով հիւրասիրութիւն պատրաստած էին իրենց հիւրերուն համար:
Խորհրդանշական էր Մարաղայի ջարդերու օրը գտնուիլ Աղաւնոյի մէջ, որուն ազատագրումէն ետք Մարաղայի ջարդերէն փրկուածները հոն հաստատուած են:
Ներկաներուն ուռենիի ճիւղերով պսակներ բաժնելէ ետք, դպրոցի բակին մէջ կազմակերպուած էր մշակութային ձեռնարկ մը` համեմուած ազգային երգ ու պարով, խաղերով եւ մրցոյթներով:
Ապագային Արցախի մէջ կը սպասուին նաեւ այլ ծրագրեր։ «Մշակութամէտ» նախաձեռնութեան անդամ Միրաբ Բաբայեան «Ապառաժ»-ին հետ զրոյցին նշած է, թէ լաւ կ՛ըլլար, եթէ կառավարութեան հետ միասին գործադրուէին ծրագրերը, ի տարբերութեան ներկայի դրութեան, երբ կամաւորներու ջանքերով է, որ տեղի կ՚ունենան այդ ձեռնարկները: Այս պահուն նախաձեռնութեան կ՛անդամակցին 100-է աւելի կամաւորներ:
Թշնամիին աչքին առջեւ հայկական մշակոյթի տարածումը Արցախի մէջ, մեր ազգային, եկեղեցական տօներու նշումը կը փաստէ, որ հոն կեանքը կը շարունակուի, եւ Արցախցին հաւատարիմ է իր սկսած պայքարին, պատրաստակամ` հայկական պահելու սրբագործուած իր հողը եւ պայքարելով վաստակելու այնտեղ ազատ ապրելու իր բնական իրաւունքը:
«Ապառաժ»