Ապրիլ 13-ին, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նիստին կայացած ընտրութիւններուն՝ Հայաստան ընտրուած է ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնախումբի անդամ, 2023-2026 ժամանակաշրջանի համար։
ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, թէ, փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու տարածաշրջանային խումբէն Հայաստան գրաւած է առաջին տեղը՝ ստանալով Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի 54 անդամ երկիրներէն 47-ի ձայնը։
Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կ՚անդամակցի ՄԱԿ-ի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնախումբին։ Անդամակցութեան ծիրին մէջ Հայաստան կը նպաստէ քաղաքացիական հասարակութեան եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն առաւել աշխուժ ներգրաւման՝ ՄԱԿ-ի շրջանակէն ներս տարուող գործընթացներու մէջ։
Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնախումբը ստեղծուած է 1946-ին. ան կը հանդիսանայ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի օժանդակ մարմին եւ կը բաղկանայ ՄԱԿ-ի անդամ 19 երկրէ։ ■








