«Մեծանուն Հայեր. Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակ» նիւթով դրոշմաթուղթի ենթախորքին տեղ գտած է հայ մեծանուն բանաստեղծին ձեռագիրը: Դրոշմաթուղթը, որուն վրայ նաեւ պատկերուած է «125 ամեակ» գրառումը` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրուած է Ապրիլ 4-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահի ճեմասրահին մէջ տեղի ունեցած արարողութեամբ:
Արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի պարտականութիւնները կատարող Դաւիթ Սահակեան ընդգծած է, որ մեծանուն բանաստեղծին գրական ժառանգութիւնը նուաճած է մեր ժողովուրդին սիրտը: «Հակառակ բոլոր փորձութիւններուն` Չարենց մնաց իր հայրենիքի պաշտպանութեան ազատամարտիկը, իր գրիչով պայքարեցաւ յանուն արդարութեան եւ հայրենասիրութեան։ Չարենցի ձգած գրական ժառանգութիւնը, խորապէս ազգային ըլլալով, նաեւ համամարդկային արժէք ունի»,– նշած է ան:
Հրապարակման օրը` 2022 Ապրիլ 4,
Ձեւաւորումը` Դաւիթ Տովլաթեանի,
Տպարանը` Cartor, Ֆրանսա,
Չափերը` 30 x 40 մմ.,
Տպաքանակը` 30 հազար։ ■