Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՈԼԻՍ. Հայկական դպրոցը ենթարկուած է վանդալական արարքի

Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի Պոմոնթի շրջանի հայկական դպրոցին մուտքի դուռը վանդալութեան ենթարկուած է. անոր վրայ պատկերած են կեռ խաչ։ Արարքը տեղի ունեցած է Սուրբ Զատկուան եւ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներու նախօրեակին։

Պոլսոյ նոյն դպրոցը ոտնձգութիւններու ենթարկուած էր 2016 Նոյեմբերին, երբ անոր պատերուն վրայ գրած էին՝ «Գիշեր մը մենք յանկարծակ կրնանք յայտնուիլ Ղարաբաղի մէջ»: