Ինչպէս արդէն գրած էինք, Ուքրաինայի նախագահ Զելենսքի դուռ-դուռ «կ՚այցելէ» արեւմտեան աշխարհի խորհրդարանները, փորձելով տուեալ երկիրներու խորհրդարանականները լծել իր երկրի դատին։
Այսպէս, ան վերջերս հեռակայ կապով դիմած է նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանականներուն։
Հարցը հոն է, որ ելոյթի սկիզբէն քանի մը վայրկեան ետք՝ կիպրական խորհրդարանի նախագահուհին՝ Աննիթա Տիմիթրիու ընդհատած է Զելենսքին եւ յիշեցուցած, որ Թուրքիա 48 տարի առաջ ներխուժեց իր երկիրը եւ այժմ Կիպրոսի 37%-ին «տիրացած» է…
“Քիչ մը [այսօր] Փութինի ըրածին նման”,– ըսած է Տիմիթրիու։
Ի պատասխան այս նկատողութեան՝ Զելենսքի փոխանակ իր զօրակցութիւնը յայտնելու կիպրացի ժողովուրդին, նախընտրած է խզել ուղղակի կապը, քան թէ խզել իր թուրք ընկերոջ՝ Էրտողանի հետ…