«Freedom House» հրապարակած է իր «Nations in Transit 2022» տարեկան զեկոյցը, ուր անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ 2004 թուականէն սկսեալ նախկին մենատիրական երեք երկիրներ՝ Մոլտաւիա, Քոսովօ եւ Հայաստան, քայլերու ձեռնարկած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, որոնց շնորհիւ դարձած են բարեփոխուող (hybride) վարչակարգեր:
Հայաստան, ըստ Freedom House-ի զեկոյցին՝ ընդհանուր ցուցանիշով յառաջընթաց արձանագրած է, ստանալով կարելի առաւելագոյն 7 միաւորէն,– որ ամէնէն ժողովրդավար երկրի ցուցանիշն է,– 3,04 միաւոր, նախորդ տարուան 2,96 միաւորին փոխարէն: Հայաստանի յառաջընթացը կը վերաբերի զեկոյցին կողմէ հետազօտուող քանի մը ոլորտներու, ներառեալ ժողովրդավարական կառավարման, ընտրական գործընթացին եւ դատա-իրաւական համակարգի զարգացման ու անկախութեան, միեւնոյն ժամանակ նահանջելով անկախ մամուլի ցուցանիշին մէջ:
Տոկոսային ցուցանիշով Հայաստանի ժողովրդավարութեան զարգացման մակարդակը կը կազմէ 34%:
«Freedom House» կը հաստատէ, որ օրինակ՝ Հայաստանի մէջ «2018 թուականին քաղաքացիները օգտագործեցին բողոքի շարժումը եւ մրցակցային ընտրութիւններու շարքը, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ 2021-ին՝ վճռականօրէն վերջ դնելով “Հանրապետական” կուսակցութեան բազմամեայ կառավարման։ Այդ ժամանակուան առաջնորդները փոխարինուեցան քաղաքական գործիչներու նոր սերունդով, որ հակառակ նկատելի թերութիւններու, հիմնականին մէջ յանձնառու է յառաջանալու դէպի ժողովրդավարութիւն եւ հանրային շահ»: Բայց ատոր կից ալ նշուած է, որ ՀՀ-ն եւ Մոլտաւիան կը պատկանին այն երկիրներու շարքին, որոնց խորհրդարանին մէջ միայն մէկ կուսակցութիւն կը գերակշռէ։
Նաեւ կը շեշտուի, որ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան խումբերը կրցան կանխել իշխող կուսակցութեան պաշտպանած մէկ օրինագիծը, որ կը նախատեսէր Մարդկային իրաւանց պաշտպանի գրասենեակին՝ կառավարական վերահսկողութեան տակ յայտնուիլը։
Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, նշելով որ՝ Արցախի մէջ Ալիեւի սկսած զինեալ յարձակման հետեւանքով հազարաւոր մարդիկ սպանուեցան եւ տեղահանուեցան։
Հայաստան, ըստ զեկոյցին, յետխորհրդային երկիրներէն կը զիջի միայն Ուքրաինային, Վրաստանին ու Մոլտաւիոյ՝ իր ետին թողլով Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները, Պելառուսը, Ռուսաստանն ու Ազերպայճանը: