Ֆրանսայի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանության եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Քրիսթիան Գամպոն Ապրիլ 20-ին, փարիզեան արուարձաններէն Շարանթոն-լը-Փոնի մէջ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան:
Գամպոն արարողութենէն լուսանկարներ հրապարակած է՝ գրելով.– «Յուզիչ հաւաք 1915 թուականին Թուրքիոյ գործած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած խաչքարին քով՝ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի մասնակցութեամբ: Նոյնիսկ այսօր Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը Ազերպայճանի կողմէ մնայուն սպառնալիքի տակ են»: