Ապրիլ 23-ին, Արցախի պետական-պատմաերկրագիտական թանգարանին մէջ կազմակերպուած է լուսանկարներու ցուցադրութիւն՝ նուիրուած 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Թանգարանի տնօրէնուհի Ժաննա Առստամեան յայտնած է, թէ ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է թանգարանին մէջ գոյութիւն ունեցող՝ Ցեղասպանութեան վերաբերող լուսանկարներով ու փաստաթուղթերով։
“Ի հարկէ, լուսանկարը չի կարող լիովին արտայայտել այն դժոխային ու սարսափելի արարքները, որ իրականացրել են Թուրքերը Հայերիս հանդէպ։ Լուսանկարներում արտացոլուած է հայ ազգաբնակչութեան կենցաղը՝ մինչ Ցեղասպանութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնից յետոյ”,– նշած է տնօրէնուհին։