Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր «զզուանքն ու տխրութիւնը» յայտնած է Պոլսոյ մէջ Սուրբ Սոֆիայի կայսերական դարպասներու դէմ վանդալական արարքներէն։
«Մենք իրաւասու մարմիններուն կոչ կ՚ընենք յանցաւորները պատասխանատւութեան ենթարկելու, ինչպէս նաեւ յուշարձանին հասցուած վնասները անյապաղ վերացնելու համար»,– նշուած է նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
Նախապէս Թուիթըրի իր էջով՝ Թուրքիոյ Արուեստներու պատմութեան միութիւնը հրապարակած էր 15-րդ դարու դռան վնասուած լուսանկարը։
«Կայսերական դարպասներ» կոչուածը Բիւզանդական կայսրութեան ամէնէն կարեւոր եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքն է, որ ի սկզբանէ օգտագործուած է բացառապէս կայսեր կողմէ: