Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պոլսոյ նահանգապետարանը արգիլած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները

Պոլսոյ նահանգապետարանը արգիլած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկները։ Այս առթիւ յայտարարութիւն մը հրապարակած է 2010 թուականէն ի վեր ամէն տարի Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ մէջ ցեղասպանութեան յիշատակի միջոցառումները կազմակերպած «Ապրիլ 24-ի յիշատակի հարթակ»-ը։

Յայտարարութեան մէջ կազմակերպիչները յիշեցուցած են, որ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր իրենք առանց որեւէ արգելքի կրցած են Պոլսոյ հրապարակներուն վրայ ոգեկոչել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ Վերջին երկու տարիներուն համաճարակի պատճառով ձեռնարկները առցանց տեղի կ՚ունենային։

«Այս տարի արտօնութեան համար կրկին դիմեցինք Պոլսոյ նահանգապետարանին։ Նահանգապետարանէն պատասխանեցին, որ «նպատակայարմար չեն գտներ» եւ արգիլեցին զանոնք։ Կ՚ուզենք հարցնել նահանգապետարանին՝ ի՞նչ փոխուած է։ Կոչ կ՚ընենք վերանայելու արգելքի այդ որոշումը»,– նշուած է յայտատարարութեան մէջ։

Ասով հանդերձ՝

ոգեկոչման ձեռնարկ Քուրթուլուշի մէջ

Չկարցանք հաստատել, թէ այս արգելքը վերցուա՞ծ էր, թէ՞ յատուկ արտօնութիւն տրուած, բայց եւ այնպէս՝ Ապրիլ 24-ին կը հաղորդուէր, որ Պոլսոյ հայաշատ Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ,– որ Ցեղասպանութեան տարիներուն կը կրէր Թաթավլա անունը,– նոյն օրը յարգանքի տուրք մատուցուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհ հայ մտաւորականններու յիշատակին։

107 տարի առաջ Ապրիլ 24-էն քանի մը օր առաջ այս թաղին մէջ սկսած է հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւնը:

Յարգանքի տուրք մատուցուած է նաև «Ակօս»-ի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքին եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ պարտադիր ծառայութեան ժամանակ 2011 Ապրիլ 24-ին սպանուած Սեւակ Պալըքչըին:

Արարողութեան մասնակցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան: Մասնակիցները կոչ ուղղած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ առերեսելու իրականութեան հետ և քայլերու ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ:

«Այլեւս չենք փափաքիր, որ այս հողերը տեսնեն Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ փաշաներ, Պեհաէտտին Շաքիր:

Կը փափաքինք, որ այս հողերը բոլոր ժողովուրդներու եւ հաւատքներու համար շարունակեն ըլլալ հայրենիք մը, որ ունի Զապէլ Եսայեանի, Կոմիտասի, Մկրտիչ Մարկոսեանի, Հրանդ Տինքի, Սարգիս Սերոբեանի, Ահմեթ Քայայի, Եաշար Քեմալի, Թահիր Էլչիի եղբայրական ոգին»,– ընդգծած են արարողութեան մասնակիցները: