ԱՄՆ-ու նախագահ Պայտըն Ապրիլքսանչորսեան իր ճառին մէջ դարձեալ արտասանեց «Ցեղասպանութիւն» եզրը, կրկին անգամ զայրացնելով Թուրքերը։
Արդէն Անգարայի հակազդեցութեան անդրադարձանք մեր նախորդ թիւին մէջ։ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւս անդրադարձած է երեւոյթին, թրքական սովորական յանկերգերով, թէ նման արտայայտութիւններ ունենալու համար Պատմութեան անգիտակ մը պէտք է ըլլալ (հոս դեռ ազնիւ գտնուած է, քանի որ անոր մօտիկ մամուլը Պայտընը կանոնաւորաբար կ՚որակէ ցնդած ծերունի, անցեալ տարուան Ապրիլ 24-էն ի վեր), թէ ճի՛շդ է որ՝ Ա. աշխարհամարտի ընթացքին եղան հայ զոհեր, բայց եղան շատ աւելի մեծ թիւով՝ մահմետական զոհեր, թէ հայ հրոսախումբեր…, թէ…, թէ…։ Աւարտին, Թուրքիոյ ամենակալը որպէս եզրակափակիչ խօսք ալ՝ ըսած է, թէ յամենայն դէպս անհիմն պնդումներ ըլլալով՝ այնքան ալ կարեւոր չեն, եւ թէ կարեւորութիւն պէտք չէ ընծայել անոնց։
Տողերուս հեղինակը՝ որպէս լրագրող, որոշ ժամանակէ ի վեր կը հետեւի թրքական ծայրայեղ ազգայնական, իշխանամէտ կայքէջի մը լրատւութեան, լաւագոյնս իրազեկ մնալու համար այդ շրջանակին դիրքորոշումներուն, աշխարհահայեացքին, մօտեցումներուն։ Նաեւ ուշադրութեամբ կը քրքրէ մեկնաբանութիւններու բաժինը՝ զանազան լուրերու առնչութեամբ՝ ընթերցողներու կարծիքին, մօտեցումին, թրքական հանրային ընդհանուր խմորումներու մասին որոշ կարծիք մը կազմելու նպատակով։
Էրտողանի վերոնշեալ հակազդեցութեան լուրին մեկնաբանութիւններուն մէջ յատկապէս կար հատ մը, որ լաւագոյնս կը բնութագրէր թրքական դիւանագիտութեան անկայուն կամ կեղծաւոր (կամ՝ երկուքն ալ) դիմագիծը։
Այսպէս, թերթին ընթերցողներէն մէկը շատ արդարօրէն հարց կու տար, ինքնաբերաբար հարցումը ուղղելով՝ Էրտողանին.- «Եթէ ԱՄՆ-ու նախագահին կողմէ “ցեղասպանութիւն” եզրին արտասանումը ձեզի համար կարեւոր չէ, ուրեմն ինչո՞ւ հարիւր տարիէ ի վեր ոգի ի բռին կը պայքարինք այդ մէկը կանխելու համար»։
Իսկապէս դիպուկ հարցում, չէ՞։
Թուրքին՝ երբեմն լաւագոյն պատասխանը կու տայ ուրիշ Թուրք մը (հոգ չէ թէ՝ հարցումի տարազով)։
Ա.Դ.