Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, Ապրիլ 24-ին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իրաւատէր ու վճռական շարքերով քալեց Պուրճ Համմուտէն Անթիլիաս` հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան երթով հաստատելով, որ տակաւին տէրը կը մնայ իր սրբազան դատին ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն կտակին:
Համաժողովրդային Նշում Անթիլիասի Մէջ
Այնուհետեւ մայրավանք հաւաքուած մեր ժողովուրդի բազմահազար զաւակներուն ներկայութեան, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ Սրբոց Նահատակաց մատրան առջեւ հայրապետական իր պատգամը ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումները կատարելով. «Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը։ Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը։ Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը։ Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը»։
Ան դիտել տուաւ, որ իր կատարած հաստատումները` «տեսական յղացքներ չեն, յուսահատութեամբ ու յոռետեսութեամբ պարուրուած զգացական արտայայտութիւններ չեն, այլ ներկայ հայ կեանքի իրապաշտ արժեւորումէն թելադրուող խորապէս մտահոգիչ իրականութիւններ են, որոնց նկատմամբ իրաւունք չունինք անտարբեր ըլլալու եւ լուռ մնալու: Արդ, հարկ է ըլլալ արթուն ու մանաւանդ` միակամ, եւ պատասխանատուութեամբ, խոհեմութեամբ ու հեռատեսութեամբ դիմագրաւել մեր ազգին ու հայրենիքին ապագան վտանգող մօտեցումներն ու քայլերը»:
Վեհափառ հայրապետը միասնականութեան ու արթնութեան կոչ ուղղեց համայն հայութեան, ի միջի այլոց ըսելով.-
«Առաջին` հարկ է համախմբուիլ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներուն, շահերուն ու արժէքներուն շուրջ, ի՛նչ ալ ըլլան մեզ իրարմէ հեռացնող պատճառները եւ մեզ շրջապատող վտանգները։
(…)
«Երկրորդ` հարկ է մերժել որեւէ առաջարկ կամ համաձայնագիր, ներսէն թէ դուրսէն, որ կրնայ վտանգել Հայաստանի անկախութիւնը։ Գիտե՛նք` աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները ի նպաստ մեզի չեն։ Տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք. սակայն` ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի անվտանգութեան, հողային ամբողջականութեան ու անկախութեան. ո՛չ զիջումներ միայն կատարելով եւ թոյլ դիրքերէ բանակցելով։ Կը յուսանք, որ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը տարածաշրջանէն ներս Հայաստանը կը նկատէ փոխադարձ ամուր վստահութեան ու սերտ բարեկամութեան վրայ հիմնուած իր մնայուն ու վստահելի դաշնակիցը։ Նաեւ կը յուսանք, որ Հայաստանի նո՛յն գործընկերը եւ Հայաստանի անմիջական դրացիները կ՚անդրադառնան, որ տկար Հայաստանի մը դիմաց զօրեղ Ազերպայճան մը եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը անպայման փորձանք կրնայ դառնալ ողջ տարածաշրջանին համար։
(…)
«Երրորդ` հարկ է քաջութիւնը ունենալ, եւ Արցախի ժողովուրդը ունի՛ այդ քաջութիւնը, մերժելու որեւէ առաջարկ, պարտադրանք կամ համաձայնագիր, որ կրնայ սպառնալ Արցախի հայութեան անվտանգութեան եւ հարցականի տակ առնել իր կամքը ազատօրէն արտայայտելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը։ Ժողովուրդին կամքը գերիվեր է բոլոր նկատումներէ։ Ո՛չ ոք իրաւունք ունի անտեսելու իր պատմական հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը, որ յստակօրէն ընդգծուած է Մարդկային իրաւանց հռչակագրին մէջ։ Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է եւ կարելի չէ զայն սակարկութեան նիւթ դարձնել։
(…)
«Չորրորդ` վերջին շրջանին դարձեալ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան բնականոնացման մասին եւ նախնական որոշ քայլեր սկսած են առնուիլ այս ուղղութեամբ։ Հայաստանի ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՚ողջունեն այս երեւոյթը, եւ արեւմտեան պետութիւնները դրական կը նկատեն զայն։ Վստահ ենք, որ նահատակներու արիւնը կրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն հարազատ կեցուածքին թարգմանը կ՚ըլլանք` կարեւորութեամբ յիշեցնելով, թէ Մեզի համար անընդունելի է որեւէ քայլ, որ կրնայ վտանգել մեր պահանջատիրութեան պատմական, իրաւական ու քաղաքական հիմքերը։ Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը։ Թուրքիա-Ազերպայճան սերտ գործակցութեամբ նոր համաթուրանիզմ մը սկսած է ձեւաւորուիլ Կովկասէն, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհէն ներս։ Արդարեւ, վտանգալից երեւոյթ մը, որ կրնայ աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ յատկապէս Հայաստանի ուղղութեամբ։ Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը շրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատուած տեսնելու յոյսէն եւ տնտեսական շահերէ մղուած` կ՚ուզէ դիւանագիտական յարաբերութիւն մշակել Թուրքիոյ հետ, անհրաժեշտ է, որ ի յառաջագունէ յստակօրէն ճշդէ իր յարաբերութեան բնոյթն ու սահմանները` հաւատարիմ մնալով Հայաստանի սահմանադրութեան հիմքը կազմող Անկախութեան հռչակագրին, ինչպէս նաեւ 100-ամեակի հռչակագրին մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման գծով շեշտուած Հայաստանի պետութեան յանձնառութեան։ Այլ խօսքով, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջը պէտք է մնայուն տեղ գրաւէ Հայաստանի պետութեան օրակարգին մէջ։
«Հինգերորդ` հարկ է որ մեր պահանջատիրական պայքարը նոր շեշտ ու ծաւալ ստանայ` համահունչ ներկայ ժամանակներու աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Թուրքիան պետութեան լայն կարելիութիւններու օգտագործումով իր ժխտողական քաղաքականութիւնը աւելի կազմակերպ կերպով կը շարունակէ` արեւմտեան համալսարաններէն ներս թրքագիտութեան ամպիոններ հաստատելով, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող տեղեկատուական կեդրոններ հիմնելով եւ այլ միջոցներով։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը, եկեղեցին եւ Հայ դատի մարմինները, աշխատանքի բաժանումով ու ներդաշնակ գործակցութեամբ, առաւել թափով շարունակեն հետապնդել մեր նուիրական Դատը։ Սա համազգային պարտաւորութիւն է։
«Վեցերորդ` յաճախ յիշեցուցած ենք, որ հրամայական է ազգին ու հայրենիքին ճգնաժամային պահերը, դիմագրաւել միա՛սնաբար։ Արդարեւ, Արցախի կարգավիճակին, Հայաստանի անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան առնչուած եւ ողջ հայութեան համար ճակատագրական նկատուող հիմնահարցերու գծով Հայաստանի իշխանութիւնը պարտաւոր պէտք է զգայ հաւաքական գործընթացով ու համահայկական մասնակցութեամբ որոշումներ գոյացնելու` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ղեկավարութեան հետ միատեղ։ Այս ծիրէն ներս էական է քաղաքական ու յարաբերական հարուստ կենսափորձ ունեցող սփիւռքին դերը։ Հետեւաբար սփիւռքի գլխաւոր կառոյցներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը կը նկատենք կարեւոր ու անյետաձգելի։ Կը կրկնենք. համահայկական խնդիրներու, ծրագրերու եւ տագնապներու գծով համահայկական մակարդակով խորհրդակցութիւն ունենալը եւ ի պահանջել հարկին որոշում կայացնելը` ազգային խորհուրդի մը ճամբով, հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Ա՛յս է ազգն ու հայրենիքը բարգաւաճման ու հզօրութեան առաջնորդող ապահով ճամբան»։
Իր պատգամի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնելէ ետք այն բոլոր երկիրներուն, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումին ու սպառնալիքին` ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, յիշեցուց Թուրքիոյ, որ` «Ապրիլ 24-ը մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու օր է բոլոր անոնց, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ նոյնիսկ սպառնալիքներուն` պաշտօնապէս ճանչցան քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Ապրիլ 24-ը նաեւ նոր սերունդին յիշեցնելու օր է, թէ ինք կոչուած է, որպէս սրբազան պարտաւորութիւն, վառ պահելու ջահը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան։ Ապրիլ 24-ը յիշեցնելու օր է մանաւանդ Թուրքիոյ, որ 107 տարիներ հայ ժողովուրդին զաւակները աշխարհի բոլոր ծագերուն իրենց բռնաբարուած իրաւունքները պահանջեցին եւ պիտի շարունակեն պահանջել` վերանորոգ վճռակամութեամբ ու աննահանջ ոգիով»։