Թրքական «TRT Haber» պետական հեռատեսիլի կայանը Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած է Ապրիլ 24-ի յայտարարութեան մէջ նախագահ Պայտընի կողմէ ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործման շուրջ հարցում մը:
Թրքական հեռատեսիլի կայանը բացատրութիւն խնդրած է` «ինչի՞ հիման վրայ Պայտըն կը պնդէ, որ Ուքրաինայի մէջ ջարդերը «ցեղասպանութիւն» որակելու հարցը պէտք է ձգուի իրաւաբաններու միջազգային հետաքննութեան հայեցողութեան, իսկ 1915-ի իրադարձութիւնները կ՚որակէ ցեղասպանութիւն: Եւ ինչո՞ւ ցեղասպանութեան սահմանումի երկու յայտարարութիւնները, որոնք կատարուած են քանի մը շաբթուան տարբերութեամբ, իրարմէ տարբեր են, ինչպէս ցերեկն ու գիշերը»:
Ըստ TRT-ի, Ուաշինկթընի պատասխանին մէջ կը նշուի.- «1915 թուականի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ նախագահ Պայտընի՝ ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելուն պատճառը Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան` այն ժամանակուան աշխատակիցներուն զեկուցումներն են»:
«Նախագահ Պայտընի յայտարարութեան մէջ ցեղասպանութեան սահմանման օգտագործումը հիմնուած է պատմական արձանագրութիւններու վրայ, որոնք կատարուած են Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ այն ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծառայող պաշտօնեաներու զեկուցումներուն վրայ, եւ այդ արձանագրութիւնները կը համապատասխանեն ժամանակակից հետազօտութիւններուն»,– կը նշուի ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական պատասխանին մէջ: