Ինչպէս ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն» շարժումի Մայիս 1-ի մեծ հանրահաւաքին յայտարարուած էր՝ յաջորդ օր կանուխէն սկսած են անհնազանդութեան գործողութիւնները՝ Երեւանի տարբեր հատուածներուն մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներն ու Շարժումին աջակից քաղաքացիները փակած են ճամբաներ, ձեռնարկած՝ անհնազանդութեան զանազան բնոյթի արարքներու։
Մայիս 2, ժամը 14-ին, ՀՀ ոստիկանութիւնը ձերբակած էր 244 հոգի։
Ձերբակալութիւնները կատարուած են ՀՀ վարչական իրաւական խախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածի (ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարել) հիմքով:
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցած է «Դիմադրութիւն» շարժումի նոր հանրահաւաքը, Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ:
«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում»-ը դարձեալ օդային նկարահանումներ կատարելով հաշուած է հանրահաւաքի մասնակիցներուն թիւը, որ եղած է շուրջ 3800 հոգի: