Հանդիպում՝ վարչապետ Մարք Ռութըի հետ
Վարչապետ Փաշինեան Մայիս 10-ին երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Նետերլանտներու թագաւորութիւն:
Մայիս 11-ին Լա Հէյի մէջ ան հանդիպում ունեցած է Նետերլատներու իր պաշտօնակից Մարք Ռութըի հետ:
Տեսակցութեան՝ կողմերը ընդգծած են երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, գործարար կապերու ընդլայնման ուղղութեամբ համապատասխան ծրագրերու իրագործման կարեւորութիւնը: Անոնք համոզում յայտնած են, որ Հայաստանի եւ Նետերլանտներու միջեւ առկայ է տնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ, որուն իրագործումը կը նպաստէ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու բարելումին:
Փաշինեան եւ Ռութը անդրադարձած են ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, միջազգային հարթակին վրայ տեղի ունեցող գործընթացներուն:
Ստորեւ՝ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը.-
“Մեծարգոյ պարոն վարչապետ,
Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ջերմ ընդունելութեան եւ պաշտօնական այցի հրաւէրին համար: Պէտք է նշեմ, որ այս մէկը Հայաստանի ղեկավարի մը առաջին պաշտօնական այցն է Նետերլանտներու թագաւորութիւն: Եւ ես այսօր քանի մը անգամ առիթ ունեցայ նշելու, որ այս պաշտօնական այցին հիմա տեղի ունենալը ես կը գնահատեմ ոչ միայն մեր հարուստ պատմական յարաբերութիւններու եւ առեւտրատնտեսական բաւական զարգացած յարաբերութիւններու արտայայտութիւն, այլեւ Նետերլանտներու եւ անձամբ Ձեր, պարոն վարչապետ, աջակցութիւնը հայկական ժողովրդավարութեան, մեր կառավարութեան որդեգրած ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին: Ընդհանրապէս, ես առաջին անգամ է, որ կը գտնուիմ Նետերլատներ եւ շատ տպաւորուած եմ Ձեր հիասքանչ եւ գեղեցիկ երկրով: Եւ, ի հարկէ, այդ լրացուցիչ խթան է եւ կ՚ոգեւորէ մեզ, որ մենք ալ հետագային զարգացնենք յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներու մէջ եւ քաջալերենք նաեւ մարդկային, մշակութային, տնտեսական կապերու հետագայ զարգացումը մեր երկիրներուն միջեւ: Ձեզի պիտի յայտնեմ նաեւ իմ շնորհակալութիւնը, պարոն վարչապետ, Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման վերաբերեալ Ձեր արտայայտած դիրքորոշումներուն եւ ՀՀ կառավարութեան որդեգրած խաղաղութեան օրակարգին՝ Ձեր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Պէտք է ըսեմ, որ այո՛, մենք խաղաղութեան օրակարգ որդեգրելու եւ գործադրելու լիազօրութիւն ստացանք մեր ժողովուրդէն անցեալ տարի տեղի ունեցած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն,– եւ պէտք է ուրախութեամբ արձանագրեմ,– որ անոնք միջազգային հանրութեան կողմէ միաձայնութեամբ գնահատուեցան որպէս ազատ եւ ժողովրդավարական չափանիշերուն համապատասխան:
Մեր երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը չափազանց հարուստ է, եւ մենք յոյս ունինք բոլոր ուղղութիւններով յառաջանալու: Մենք շատ հետաքրքրուած ենք եւ այսօր քանի մը առիթներով արդէն քննարկեցինք, յա՛տկապէս, Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական արհեստագիտութիւններու աւելի լայնածաւալ կիրարկման հարցը: Մենք գիտենք, որ Նետերլանտները գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ արհեստագիտութեան առումով ամէնէն զարգացած երկիրն է, եւ մենք ուրախ ենք եւ շնորհակալ, որ թէ՛ կառավարութիւնը, թէ՛ գործարար շրջանակը,– որու հետ այսօր հանդիպում ունեցանք,– հետաքրքրուած են այդ ուղղութիւններով հետագայ զարգացումներու համար:
Ինչպէս արդէն նշեցի՝ Նետերլանտներու թագաւորութիւնն ու Ձեր կառավարութիւնը մեծապէս կ՚աջակցին ՀՀ ժողովրդավարական բարեփոխումներուն: Ի հարկէ, մեր հիմնական համագործակցութեան գործընկերը Եւրոպական Միութիւնն է այս հարցին մէջ, հետեւաբար ԵՄ-ի անդամ երկիրներու աջակցութիւնը կարեւոր է: Պիտի նշեմ նաեւ, որ 2021-ին ի զօրու դարձաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիր»-ը, որ արդէն ինքնին ժողովրդավարական բարեփոխումներու համատեղ օրակարգն է: Մենք վճռական ենք այդ օրակարգը լիարժէք գործադրելու, վճռական ենք մեր երկրի եւ մեր տարածաշրջանին համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բանալու առումով:
Մենք քննարկեցինք նաեւ այն գործընթացները, որ տեղի կ՚ունենան Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններուն մէջ: Եւ ուրախութեամբ կը հաստատեմ, որ ըստ երեւոյթին, մենք ընդհանուր պատկերացումներ ունինք այդ գործընթացներուն վերաբերեալ եւ ընդհանուր պատկերացում ունինք, որ խաղաղութեան օրակարգը իսկապէս պէտք է իրագործուի: Բայց նաեւ, մենք բոլորս գիտենք, որ առանց միջազգային հանրութեան աջակցութեան այդ հնարաւոր չէ, եւ ուրախ ենք, որ միջազգային մեր գործընկերներու շրջանակին մէջ այդ օրակարգը կ՚ըմբռնուի: Կրկին անգամ թոյլ տուէք շնորհակալութիւն յայտնելու այս ջերմ ընդունելութեան համար եւ համոզում յայտնելու, որ այս այցին շնորհիւ մեր յարաբերութիւններու զարգացման նոր խթան պիտի հաղորդուի:
Շնորհակալութի՛ւն”:
Աւարտին, Նիկոլ Փաշինեան եւ Մարք Ռութը պատասխանած են լրագրողներու հարցումներուն: