Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ սփիւռքահայ երիտասարդները բարեսիրական ծրագրեր իրագործած են Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն համար

Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ, ընկերային ու համայնքային ծրագրեր իրագործելու նպատակով Ֆրանսայէն, ԱՄՆ֊էն, Իրաքէն, Հունգարիայէն եւ Արժանթինէն Հայաստան ժամանած 13 երիտասարդներ Վայոց Ձորի մարզի երեք տարբեր համայնքներուն մէջ ապաստանած արցախցի ընտանիքներուն օգնած են վերանորոգելու իրենց տուները, ինչպէս նաեւ անոնց բաժնած են սնունդով եւ խոհանոցային պարագաներով լի 200 արկղեր:

Ըստ ՀԲԸՄ-ի Դիմագիրքեան էջի գրառման՝ երիտասարդները նախապէս ալ Արարատի մարզը բնակող շուրջ 150 արցախցի երախաներու համար կազմակերպած են մանկական ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին՝ մասնակցող մանուկները ստացած են նուէրներ։