Ժամանակակից գրող Գրիգոր Շաշիկեան (գրական անունը՝ Գրիգ), որու «Յիսուսի կատուն» պատմուածքներու ժողովածուն լայն տարածում գտած է ամէնուր, Գերմանիոյ մէջ արժանացած է «Ֆրիտրիխ Ռիւքերթ» գրական մրցանակին։
Մայիս 16-ին Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան մասնակցած է Քոպուրկի Հրենպուրկ ամրոցի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցած՝ «Ֆրիտրիխ Ռիւքերթ» մրցանակաբաշխութեան արարողութեան: Ան Դիմագիրքի իր էջով տեղեկութիւններ հաղորդած է, նշելով թէ այս տարի ձեռնարկը նուիրուած էր Հայաստանին եւ կը կրէր «Հայաստանի մշակութային օրեր» խորագիրը։
Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցած է Քոպուրկի փոխքաղաքապետ Հանս Հերպերթ Հարթան եւ Շաշիկեանին յանձնած անուանի արեւելագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ Ֆրիտրիխ Ռիւքերթի անունը կրող մրցանակը: Ժողովածուն գերմաներէնի թարգմանած են Անահիտ Աւագեան և Վիպքը Ցոլման: Ձեռնարկին՝ Քոպուրկի թատրոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի լարային քառեակը հանդէս եկած է հայկական երաժշտական եւ պարեղանակներու կատարումներով: