Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Յարութիւնեանի եւ Հիտալկոյի հանդիպման կապակցութեամբ Պաքու բողոք ներկայացուցած է Փարիզին

Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումէն ետք, Ազերպայճանի իշխանութիւնները Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած են Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոսը։

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Խալաֆ Խալաֆով իր բողոքը արտայայտած է Փարիզի քաղաքապետուհիին եւ Արցախի նախագահին հանդիպման կապակցութեամբ:

«Դեսպանին ըսուեցաւ, թէ ֆրանսացի պաշտօնեային Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան դէմ ձեռնարկած այդ քայլը ակնյայտօրէն կը հակասէ Ֆրանսայի օրէնսդրութեան եւ այդ երկրին միջազգային պարտաւորութիւններուն, ինչպէս նաև վնաս կը հասցնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: