Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Համազգային»-ի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովի յայտարարութիւնը

«Համազ­գա­յինի 9-րդ Պատ­գա­մաւո­րական ժո­ղովի աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րէ ժա­մանած պատ­գա­մաւոր­նե­րը մտա­հոգ են ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի առ­ջեւ ծա­ռացած լրջա­գոյն սպառ­նա­լիք­նե­րով։

Օրուան իշ­խա­նու­թիւննե­րու ապազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւնը, հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րէն նա­հան­ջը, ազ­գի պա­ռակ­տումը, հա­տուա­ծական մտա­ծողու­թեան սեր­մա­նու­մը եւ ազ­գա­յին ռազ­մա­վարա­կան նպա­տակ­նե­րէն հրա­ժարու­մը պատ­ճառ դար­ձան այն աղէ­տին, որուն առ­ջեւ ներ­կա­յիս յայտնուած են Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը։

Կանգնած ենք Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ու Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան կո­րուստի շե­մին։

Իբ­րեւ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հա­մահայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պութիւն, մեր խո­րին մտա­հոգու­թիւնը կը յայտնենք Ար­ցա­խի հո­գեւոր եւ մշա­կու­թա­յին հա­րիւ­րա­ւոր կո­թող­նե­րու հայ­կա­կան ինքնու­թեան շա­րու­նա­կակա­կան ոչնչաց­ման մա­սին։

Պատ­գա­մաւո­րական ժո­ղովը կը դա­տապար­տէ Ազեր­պայճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րու ցե­ղաս­պա­նական քա­ղաքա­կանու­թիւնը Հա­յոց հո­գեւոր եւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րու հան­դէպ, ինչպէս նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի նկատ­մամբ դրսե­ւորուող նուաճո­ղական քա­ղաքա­կանու­թիւնը։

Սփիւռքի բազ­մա­թիւ հա­մայնքնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հա­մար, որոնք օտար եր­կիրնե­րու մէջ սե­րունդէ-սե­րունդ մա­քառած են իրենց ազ­գա­յին ինքնու­թիւնը պահ­պա­նելու հա­մար, Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան այս դիր­քո­րոշու­մը ան­հանդուրժե­լի է։ Միայն ազ­գա­յին ու­ժե­րու հա­մախմբու­մով կա­րելի է շրջան­ցել այժմեան աղէ­տալի իրա­վիճակը»։

Երեւան, 2022 Մայիս 27