Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՐՔԱՊԱՏՈՒՄ. Ժխտողական գիտաժողովին՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման դրուատիք

Վանի համալսարանին մէջ Թուրքիոյ Պատմութեան հիմնարկը կազմակերպած է «Վանի մէջ կոտորած, աւեր եւ գրաւում. դէպի աքսոր առաջնորդող ճամբան» խորագրով գիտաժողով մը։ Անշուշտ որ «կոտորած»-ը, «աւեր»-ը, «գրաւում»-ը կ՚ակնարկեն որպէս հաւատարիմ ազգ ընդունուած Հայոց «դաւաճան», «տմարդի» արարքներուն, իսկ «դէպի աքսոր առաջնորդող ճամբան» անոնց՝ Հայերուն «արժանի դարձած» ճակատագրին։ Այլ խօսքով,– չենք գիտեր թէ կրկնելու կարիքը կա՞յ,– «Հայերը այդքան դաւաճանութենէ ետք ոչ թէ ցեղասպանուած են, այլ միայն՝ աքսորուած, այն ալ շատ մեծահոգի վերաբերումի ներքոյ»։

Ժխտողական քարոզչութեան նման ձեռնարկի մը առցանց մասնակցելով՝ Թուրքիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ իր կարգին ընդգծած է, որ 1915 թուականի տեղահանութեան որոշումը կարելի չէ անուանել ցեղասպանութիւն, ապա նշած է, որ Հայերը իրենց գրեթէ ամբողջ հռետորաբանութիւնը կը կառուցեն Թուրքերու նկատմամբ թշնամանքի վրայ: 

Ըստ Շենթոփի՝ «ցեղասպանութիւն» եզրի շրջանակը ամբողջովին յստակացուած է եւ զայն կիրարկել կարենալու համար անհնաժեշտ են շատ յստակ պայմաններ, որոնք «բնականաբար կը բացակային» Հայոց պարագային: Թուրքիոյ Ազգային ժողովի նախագահին համաձայն՝ «“ցեղասպանութիւն”-ը միջազգային իրաւական սահմանում է եւ ինչպէս նշուած է 1948-ին ընդունուած ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան համաձայնագրին մէջ, ոճիրը մատնանշող սահմանումը կրնայ կիրարկուիլ միայն այն պարագային, երբ առկայ է իրաւասու դատարանի որոշումը»: 

Շենթոփ եզրակացուցած է, որ 1915-ի դէպքերը չեն համապատասխաներ «ցեղասպանութիւն» եզրի սահմանումին, քանի որ անոնցմէ կը բացակային վերեւ նշուած տարրերը։ 

Ժխտողական եւ վրդովեցուցիչ այսքան արտայայտութենէ ետք, Թուրքիոյ Ազգային ժողովի նախագահը, կարծէք ինք չըլլար այդ խօսքերուն հեղինակը, իր ուղերձը շարունակած է անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Ան ընդգծած է, որ իրենք շատ  կարեւոր կը համարեն Հայաստանի հետ սկսուած կարգաւորման գործընթացը եւ զայն կը գնահատեն պատմական կարեւոր հնարաւորութիւն տարածաշրջանին համար: 

Շենթոփ նշած է, որ Սփիւռքի յատկապէս արմատական հատուածներուն թոյլ պէտք չէ տալ, որ վնասեն այդ գործընթացին եւ պղտորեն յարաբերութիւնները։ Ան իր խօսքը եզրափակած է նշելով. “Բոլոր դերակատարներուն կոչ կ՚ուղղենք կառուցողական վերաբերում որդեգրելու եւ վերոնշեալ գործընթացին աջակցութիւն ցուցաբերելու”: