Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ երկրէն ներս կը տիրեն անհանդուրժողութեան զանազան երեւոյթներ։ Այսպէս, իրերայաջորդ կերպով արգիլուած են զանազան համերգներ, որոնց շարքին նաեւ Արա Մալիքեանի՝ Պոլսոյ եւ Անգարայի համերգները։
Բացի անուանի արուեստագէտներու համերգներէ, տարբեր բնոյթի զանազան ձեռնարկներ եւս իշխանութեանց դժկամութեան հետեւանքով չեն իրականացած։
«Փառատօներու եղանակին ընդառաջ՝ նման զարգացումները խոր մտահոգութիւն կը պատճառեն յատկապէս մեծ միջոցառումներու կազմակերպիչներուն»,– կը գրէ «Ակօս»։